Sport.es կայքին համաձայն, Պարսելոնա իր յառաջապահին` Նէյմարի հետ նոր պայմանագիր մը կնքելու մօտ է:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, նոր պայմանագիրը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2020, եւ Նէյմար տարեկան պիտի ստանայ 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Այսպիսով, Նէյմար պիտի ըլլայ քաթալոնական խումբին 2-րդ ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը` Լիոնել Մեսսիէն ետք:
Տեղին է նշել, որ կնքուելիք պայմանագիրին մէջ կարեւոր կէտը պիտի ըլլայ այն, որ 23 տարեկան ֆութպոլիստին հրաժարագինը պիտի ըլլայ 250 միլիոն եւրօ: