
Չիլիի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին, երէկ Վենեզուելա ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քոլոմպիան: Սալոմոն Ռոնտոն նշանակեց մրցումին միակ կոլը (60-րդ):

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Վենեզուելա այս մրցաշարքին գծով պատմութիւն կերտեց, որովհետեւ ցարդ ոչ մէկ ատեն կրցած էր յաղթել Քոլոմպիոյ:
Անոնց միջեւ վեց հանդիպումներուն հինգին Քոլոմպիա արձանագրած էր յաղթանակ, մինչ մէկ մրցում (1979) աւարտած էր հաւասարութեամբ:
Այս մրցումին թեթեւօրէն վիրաւորուեցաւ Ռէալ Մատրիտի քոլոմպիացի փլէյմէյքըր Խեմես Ռոտրիկեզ, յայտնեց «Ռոյթըրզ»:
Տիտղոսին թեկնածուներէն նկատուող Պրազիլ բաւական մեծ դժուարութեամբ յաղթեց Փերուի, երբ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ), Տուկլաս Քոսթա նշանակեց Պրազիլի յաղթանակի կոլը: Քրիսթիան Քուեվա նշանակեց մրցումին եւ Փերուի առաջին կոլը (3-րդ), որմէ երկու վայրկեան ետք Նէյմար` Պրազիլի հաւասարութեան կոլը: