Համահայկական խաղերու մամլոյ բաժանմունքը հաղորդեց, որ համահայական ամառնային 6-րդ խաղերու ջահը երէկ հասաւ Տաւուշի մարզ: Անիկա նախքան հոն հասնիլը անցաւ Շուշիէն, Քարվաճառէն, Վարդենիսէն եւ Բերդէն:
Կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցեցան Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեան, Համահայկական խաղերու կազմակերպիչ կոմիտէի անդամներ, համայնքներու պատասխանատուներ, հրաւիրեալներ եւ այլ անձեր:
ArmSport.am հաղորդեց, որ Բերդի մէջ ջահը ստացաւ տաւուշցի ծանրաբարձ, Հայաստանի բազմակի ախոյեան եւ մրցանշակիր, Եւրոպայի մրցանշակիր Սերիոժա Մեժլումեան:
6-րդ խաղերուն ջահը բերդէն ուղեւորուեցաւ դէպի Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաք: