Չիլիի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան երեք մրցումներ:
Թէեւ Բ. խմբակին մաս կազմող Արժանթին Փարակուէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ` շնորհիւ Սերճիօ Ակուերոյի (29-րդ) եւ Լիոնել Մեսսիի (36-րդ` փենալթիով) նշանակած կոլերուն, սակայն աւելի ուշ Փարակուէյ եւս նշանակեց 2 կոլ` շնորհիւ Նելսոն Հայտօ Վալտեսի (60-րդ) ու Լուքաս Պարիոսի (90-րդ), եւ մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:
Նոյն խմբակին մէջ, Ուրուկուէյ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ժամայքայի` շնորհիւ Քրիսթիան Ռոտրիկեզի նշանակած կոլին (52-րդ):
Վերջապէս, երրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Մեքսիքան եւ Պոլիվիան (Ա. խմբակ), աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: