

Երէկ Չիլիի մէջ սկսաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ Չիլի – Էքուատոր բացման մրցումը:
Հիւրընկալ երկիրը` Չիլի, յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` շնորհիւ Արթուրօ Վիտալի (67-րդ փենալթիով) եւ Էտուարտօ Վարկասի (84-րդ) նշանակած կոլերուն: Անոնց խմբակից Մաթիաս Ֆեռնանտեզ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (92-րդ) կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ նախքան բացման այս մրցումը, տեղի ունեցաւ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի 44-րդ մրցաշարքին պաշտօնական բացման արարողութիւնը: