Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ յառաջապահ Նէյմար «Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ 4 մրցումով կախակայուեցաւ:
Այսպիսով, անոր համար այս մրցաշարքը աւարտեցաւ` նկատի ունենալով, որ անոր ստացած կախակայումի այս պատիժը կ՛աւարտի աւարտական մրցումէն ետք:
Ինչպէս ծանօթ է, ան իր կարմիր քարտը ստացաւ Պրազիլ-Քոլոմպիա մրցումէն ետք:
Սկզբունքով կը կարծուէր, որ ան երկու մրցումով պիտի կախակայուի, սակայն անոր այդ պատիժը բարձրացաւ չորսի:
Նշենք, որ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը շատ հաւանաբար իր բողոքը ներկայացնէ այս պատիժին դէմ: