Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ երբեք չի մտածեր իր ակումբէն հեռանալու մասին եւ շատ գոհ է իր կազմէն, միջավայրէն եւ խմբակիցներէն:
Վերջերս շշուկներ շրջան կ՛ընէին, որ ան պիտի լքէ իր կազմը, որովհետեւ առաջարկ ստացած է շարք մը ակումբներէ:
Այդ ակումբներուն կարգին է Ռէալ Մատրիտ, որ ըստ ԱՍ-ի, անոր փոխանցման համար պատրաստ է անգլիական ակումբին վճարելու 60 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ 27 տարեկան Ակուերօ «Փրեմիեր լիկ»-ի 2014-2015 տարեշրջանին 42 մրցումի ընթացքին նշանակեց 32 կոլ: