Պաքուի մէջ կը շարունակուին եւրոպական առաջին խաղերը:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ մրցասպարէզ դուրս եկած Հայաստանի երեք ներկայացուցիչներէն միայն մէկը կը պայքարէր պրոնզ մետալի համար, կը յայտնէ ArmSport.am:
61 քկ դասակարգին մէջ Վոլոդիա Ֆրանգուլեան, առաջին գօտեմարտին զիջելով Հաճի Ալիեւին (Ազրպէյճան), դուրս մնաց հետագայ պայքարէն:
Մուսա Մուրթազալիեւ (86 քկ) քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ վրացի Սանտրօ Ամինաշվիլիէն եւ իր կարգին լքեց պայքարը:
125 քկ դասակարգին մէջ Լեւան Պերինացէ 3-0 արդիւնքով պարտուելով Ալեքսէյ Շեմարովէն (Պիելոռուսիա) հասաւ աւարտականին, որուն շնորհիւ ան իրաւունք ստացաւ պայքարելու պրոնզ մետալին համար:
Սակայն ան չյաջողեցաւ մետալ մը ապահովել Հայաստանին, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն: