«Ֆորմիւլա-1»-ի 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 21 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ կրան փրին:
Այս կրան փրին նախօրեակին, «Մաքլարըն»-ի վարորդ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ որակազրկուեցաւ 20 դիրքով:
Այս տուգանքին պատճառը այն է, որ սպանացիին ինքնաշարժին վրայ փոխած են հիմնական շարժիչը, հինգերորդ թիւրպինը, ինչպէս նաեւ MGU-H-ի հինգերորդ շարժակը:
Նշենք, որ այժմ վարորդներուն ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն, որ ցարդ ապահոված է 244 կէտ:
Իսկ խումբերու դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ է Մերսետես: