Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կը շարունակուին եւրոպական առաջին մարզական խաղերը:
Երէկ պայքարի մէջ մտան 46-49 եւ 56 քկ դասակարգերուն մասնակցող կռփամարտիկները:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Արտեոմ Ալեքսանեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 46-49 քկ դասակարգի մրցումներուն, 1-8-րդ հանգրուանին 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Իսրայէլը ներկայացնող Դաւիթ Ալավերտեանէն, կը նշէ ArmSport.am:
Նշենք, որ իր կարգին, երէկ պարտուեցաւ նաեւ 56 քկ դասակարգին իր մասնակցութիւնը բերող Արամ Աւագեան (2-1 արդիւնքով)` Պուլկարիան ներկայացնող Սթեֆան Իվանովէն (1-16-րդ հանգրուան):