
Երէկ` կիրակի, 21 յունիսին, տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ կրան փրին, որ կ՛իյնայ 2015-ի «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Անիկա աւարտեցաւ գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկի յաղթանակով: Այսպիսով Ռոզպըրկ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով նոյն վազքուղիին ընթացքին գրաւեց առաջին դիրքը:
«Մերսետես»-ի անոր խմբակից Լուիս Հեմիլթըն գրաւեց 2-րդ դիրքը:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ այժմ Հեմիլթըն ունի 262 կէտ, մինչ Ռոզպըրկ` 225: Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Սեպասթիան Վեթել (185):
Ինչ կը վերաբերի խումբերուն դասաւորման, «Մերսետես» 487 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ «Ֆեռարի»` 2-րդ դիրքը, 299 կէտով:
Յաջորդ կրան փրին տեղի կ՛ունենայ 5 յուլիսին` Անգլիոյ մէջ (Սիլվըրսթոն):