Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 29 յունիսէն 1 յուլիս տեղի կ՛ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի փինկ փոնկի տարեկան մրցաշարքը:
Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ դասակարգերու տղոց եւ աղջկանց մրցումներ:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 26 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը:
Անուններու արձանագրութեան համար կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ անձերէն մէկուն.
Սամիր Շաղուրի (03-868373), Ֆատի Քիուան (03-601656) եւ Ժոզեֆ Շալհուպ (03-240412) եւ կամ 05-921323 թիւին: