Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Մարքա» կը տեղեկացնէ, որ Ռէալ Մատրիտ այսուհետեւ հետաքրքրուած չէ Եուվենթուսի մաս կազմող չիլիցի միջնապահ Արթուրօ Վիտալով:
Արքայական ակումբը կասկած չունէր ֆութպոլիստին խաղաոճին վրայ: Սակայն գլխաւոր հարցը անոր անձնական կեանքն է, կը յայտնէ ArmSport.am:
Մայրաքաղաքի կազմը` Ռէալ Մատրիտ կը կարծէ, որ չիլիցին քաոսային կեանք մը կ՛ապրի ֆութպոլի դաշտերէն դուրս:
Անոր ինքնաշարժի վերջին արկածը պատճառ դարձաւ, որ Ռէալ Մատրիտ չհետաքրքրուի անոր ծառայութիւններով: