Պարսելոնայի յետսապահ Տենի Ալվես «Լա լիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանի ախոյեանութեան նախօրեակին փոխեց իր մարզաշապիկին թիւը:
Քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ պրազիլցի յետսապահը այսուհետեւ հանդէս պիտի գայ թիւ 6 մարզաշապիկով: Այս թիւը նախապէս կը կրէր խումբի նախկին խմբապետ Զաւին:
Նշենք, որ խումբի նորեկներ Արտա Թուրան եւ Ալէյքս Վիտալ իրենց մարզաշապիկներուն թիւերը պիտի ընտրեն յառաջիկայ տարուան յունուարին: