Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի փորձառու եւ անուանի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի երէկ` չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին, նշեց իր ծննդեան 41-րդ տարեդարձը:
Հայկական կարգ մը լրատու աղբիւրներ երէկ անդրադարձան անոր տարեդարձին նշումին` միեւնոյն ժամանակ ալ բերդապահին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: