Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մորտովա եւ Ուրալ իրարու հետ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեցին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ուրալի հետ, մրցումին 41-րդ վայրկեանին նշանակեց Ուրալի կոլը: Ան 69-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Հիւրընկալ կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (91-րդ):
3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ուրալ 4 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: