Նախորդ շաբաթավերջին երկու օրերու վրայ երկարած Քֆարտըպիանի (Քեսրուան) մարզական փառատօնը անցաւ մեծ յաջողութեամբ, մանաւանդ որ անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ անձեր` ելոյթ ունենալով տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մրցումներուն:
Կազմակերպիչները շնորհակալութեան իրենց յատուկ խօսքը ուղղեցին փառատօնին յաջողութեան մէջ իրենց օգտաշատ դերը ունեցողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակցողներուն:
Աւարտին բոլոր մասնակցողներուն տրուեցան յատուկ յուշանուէրներ: