Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Սատ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նասըրէն:
Սատի միակ կոլը նշանակեց Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Չաւի Ֆեռնանտես` ազատ հարուածով մը:
Նշենք, որ Չաւի, որ իր առաջին մրցումը կը կատարէր քաթարեան իր նոր ակումբին հետ, այսպիսով առաջին իսկ մրցումին կոլի հեղինակ դարձաւ:
Չաւի այս ամրան ընթացքին լքեց իր ակումբը` Պարսելոնան: