Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սպարտակ Մոսկուա նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Ռուպին Քազանին:
Մրցումին միակ կոլը (60-րդ) նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ այսպիսով յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով կը դառնայ կոլի հեղինակ:
Մովսիսեան 66-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, մինչ անոր խմբակից Արազ Օզպիլիս դաշտ չներկայացաւ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սպարտակ 7 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը: Ռուպին ցարդ ոչ մէկ կէտ յաջողած է ապահովել: