Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պոքա Ժունիորզ իր դաշտին վրայ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իւնիոն տէ Սանթա Ֆէէն:
Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քարլոս Թեւեզ, որ վերջերս միացաւ Պոքա Ժունիորզի, նշանակեց իր կազմին 2-րդ կոլը` 46-րդ վայրկեանին, մինչ անոր կազմը ուշացած էր 2-1 արդիւնքով:
Նշենք, որ այսպիսով Թեւեզ իր առաջին կոլը նշանակեց Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն եւ այս մրցումին դաշտ ներկայացաւ 90 վայրկեան: