«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինի, որ կը նկատուի ՖԻՖԱ-ի նախագահ դառնալու գլխաւոր թեկնածուն, յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կ՛ուզէ փոփոխութիւն կատարել Մոնտիալի մրցաշարքին մէջ, որ կը նկատուի ֆութպոլի աշխարհի մեծագոյն իրադարձութիւնը` աւարտական հանգրուանին մասնակցող խումբերուն թիւը 32-էն բարձրացնելով 40-ի:
«ԱՍ» կը յայտնէ, որ ան կը պատրաստուի այս կէտը մտցնել իր նախընտրական ծրագիրին մէջ եւ այդ գծով յայտարարութիւն կատարել 27 օգոստոսին` Մոնաքոյի մէջ, երբ տեղի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանի վիճակաձգութիւնը:
Փլաթինիի նոր գաղափարներէն մէկն ալ պիտի ըլլայ ֆութպոլի մրցումներուն ընթացքին գործածել ճերմակ քարտը (դաշտէն հեռացում` 10 վայրկեան միայն):
Ան կ՛ուզէ նաեւ 18 տարեկանէն վար ֆութպոլիստներուն փոխանցումները արգիլող օրէնք մը սահմանել: