Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս մինչեւ մարզիկներու փոխանցման աւարտը կրնայ տեղափոխուիլ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ռուսական լրատու աղբիւրի մը համաձայն, Ռայօ Վայեքանօ հայ ֆութպոլիստը փոխ առնելու համար 500 հազար եւրոյի պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է:
Սակայն կը նշուի, որ այդ առաջարկը չէ գոհացուցած ռուսական ակումբը: Մոսկուացիները կը պահանջեն այդ գումարին կրկնապատիկը, մինչ սպանական ակումբը մտածելու ժամանակ խնդրած է:
Սպարտակ չ՛աճապարեր իր մարզիկը այլ կազմի մը տալ եւ աւելի նպաստաւոր առաջարկի մը կը սպասէ եւրոպական ակումբներէն:
Կը հաղորդուի, որ ռուսական ակումբը իր մարզիկը չ՛ուզեր ծախել, այլ` միայն փոխ տալ: