«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Թորոնթօ Ռեփթըրզ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին մաս կազմող Եոնաս Վալանքիունասի (Լիթուանիա) հետ:
Ըստ ստորագրուած համաձայնագիրին, Վալանքիունաս իրաւունք ունի վերջին տարին (ան ստորագրեց 4 տարուան պայմանագրութիւն մը) խզել պայմանագիրը եւ 2019-էն սկսեալ ազատ խաղացողի կարգավիճակ ստանալ:
Այս համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ 2016-2017 տարեշրջանէն սկսեալ:
Նշենք, որ ան նախորդ տարեշրջանին իր ակումբին հետ իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին միջին հաշուով նշանակեց 12 կէտ եւ 8,7 ռիպաունտ: