
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ «Ֆեռարի» որոշեց իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Քիմի Ռայքոնընի հետ:
Անոր հետ նոր պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2016 տարեշրջանին աւարտը:
Այսպիսով, յառաջիկայ տարեշրջանին «Ֆեռարի»-ի զոյգը դարձեալ պիտի ըլլան Ռայքոնըն եւ Սեպասթիան Վեթել:
Նախապէս, իտալական մամուլին համաձայն, շրջան կ՛ընէր այն տեղեկութիւնը, ըստ որոն, 2017-էն սկսեալ «Ֆեռարի»-ի խումբին մէջ Մաքս Վերսթափեն պիտի փոխարինէ Ռայքոնընը:


