Նիժնի Նովկորոտի Վոլգայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով յաջող վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Արմաւիրի Թորփետոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ան ստացած էր աջ ձեռքի կոտրուածք:
«Վիրաբուժութիւնը յաջող անցաւ, սակայն ատիկա պատճառ պիտի դառնայ, որ երեք շաբաթով բացակայիմ ֆութպոլի դաշտերէն եւ դժբախտաբար բացակայիմ նաեւ Վոլկայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարելիք մրցումներէն», ըսաւ Սարգիսով: