Երէկ, 3×3 պասքեթպոլի Հայաստանի 18 տարեկանէն վար հաւաքականը մեկնեցաւ Մինսք (Պիելոռուսիա), ուր 21 օգոստոսին կը սկսի Եւրոպայի 2015-ի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանը:
Արեգ Վաթեանի գլխաւորած Հայաստանի հաւաքականը մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, ուր պիտի մրցի Լաթվիոյ, Պելճիքայի եւ Իտալիոյ դէմ:
Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը իրաւունք կը ստանան մասնակցիլ քառորդ աւարտականին:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը կրցաւ յաղթահարել զտումի հանգրուանին արգելքը եւ յայտնուիլ Եւրոպայի զօրաւորագոյն 16 հաւաքականներուն շարքին: