
Սերպիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 84-79 արդիւնքով յաղթեց տեղւոյն կազմերէն Նապրիտաքի:
Լիբանանի սերպ մարզիչը` Վեսելին Մաթիչ, այս մրցումին իբրեւ հիմնական կազմ դաշտ ներկայացուց հետեւեալ մարզիկները` Ուաէլ Արաքժի, Ամիր Սէուտ, Ժան Ապտել Նուր, Պասել Պաուժի եւ Ալի Հայտար:
Լորեն Վուտծ դաշտ չներկայացաւ` Լիբանանի կազմին նոր միացած ըլլալուն համար:
Լիբանանէն Շարլ Թապեթ նշանակեց 19 կէտ, 8 ռիպաունտ, Ահմետ Իպրահիմ` 12 կէտ, Արաքժի` 11 կէտ եւ Նետիմ Սայիտ` 8 կէտ:
Նշենք, որ Սերպիոյ մէջ Լիբանանի ազգային խումբը ուսումնամարզական հաւաքի մը կը մասնակցի` պատրաստուելու համար Ասիոյ ախոյեանութեան:
 
			

