10 սեպտեմբերին Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) կը սկսի աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքը:
Օգտագործելով ՖԻՏԷ-ին հրապարակած մէկ լուրը` ArmSport.am ըսաւ, որ Ա. հանգրուանի հանդիպումներուն Լեւոն Արոնեան իրեն մրցակից պիտի ունենայ Մայքըլ Վետենկելըրը (Լիւքսամպուրկ): Սամուէլ Տէր Սահակեան պիտի մրցի Նիքիթա Վիթիուկովի (Ռուսիա), իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան` Մաթէուս Փարաթելիի (Լեհաստան) դէմ:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանին Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Սամուէլ Սեւեան իր դէմ պիտի ունենայ Թէյմուր Ռաճապովը (Ազրպէյճան):