Լիբանանեան arabasket.com կայքը կը հաղորդէ, որ Անդրանիկ ակումբի նախագահ Վիգէն Չերչեան յայտնած է, որ ակումբը կը քաշուի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանէն` աւելցնելով, որ խումբը չունի անհրաժեշտ պիւտճէն` պայքարելու համար միւս խումբերուն դէմ, այսպիսով առիթ տալով այլ խումբի մը` Ամալ Պիքֆայայի, որ մասնակցի ախոյեանութեան:
Վերոնշեալ կայքը, որ իր այս լուրը քաղած է «Ժումհուրիա» օրաթերթէն, կ՛աւելցնէ, որ Չերչեան այս ուղղութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տեղեակ պահած է նախորդ 31 յուլիսին:
Կը կարծուի, որ ֆետերասիոնը իր յաջորդ նիստին պիտի քննարկէ այս հարցը, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր, կ՛եզրափակէ վերոնշեալ աղբիւրը: