
Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները տեղի ունեցան:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ իր կատարած նախորդ 7 մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, կրեց իր առաջին պարտութիւնը Անսարէն` 4,5-1,5 արդիւնքով:
Տիգրան Քոթանճեան, Քնարիկ Մուրատեան, Ռազմիկ Օգնայեան եւ Րաֆֆի Ճիկերեան պարտուեցան: Հրայր Պրունսուզեան միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Ժիրօ Օգնայեան` հաւասարութիւն մը:
Այսօր տեղի կ՛ունենան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի վերջին մրցակիցն է Անդրանիկ:


