Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը իր վերջին մրցումը կատարեց Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:
20-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ, որ երթին 86-100 արդիւնքով յաղթած էր Շանվիլի դաշտին վրայ, չկրցաւ կրկնել իր յաղթանակը եւ 96-112 արդիւնքով տեղի տուաւ:
Շանվիլ իր 8-րդ յաղթանակը արձանագրեց, մինչ ՀՄԸՄ կրեց իր 10-րդ պարտութիւնը: Կը կածուէր, թէ ՀՄԸՄ համակիրներու ներկայութեան կրնար յաղթել Շանվիլին, բայց ո՛չ մարզիկները լաւ վիճակի մէջ էին, ո՛չ ալ համակիրները, որոնք զանազան պատճառներով ներկայ չէին: Անոնցմէ մաս մը ՀՄԸՄ-ի երէկուան Մայիսեան փառատօնի ընդհանուր տողանցքի պատրաստութեան, մաս մըն ալ ֆութպոլի զոյգ խումբերու մրցումներուն մեկնած եւ բացակայ էին: Աւելի՛ն, նոյնիսկ ներկաները բաւարար չափով չկրցան քաջալերել արդէն իսկ «առանց ախորժակ»-ի դաշտ ներկայացած մարզիկները:
Մթնոլորտը աւելի եւս վատթարացաւ, երբ Թայլըր Պէյր վիրաւորուեցաւ մրցումի պահուն եւ չկրցաւ պայքարիլ մրցակից «հսկայ» սենթըր Հենրի Սիմզի հետ, որ… 29 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Երթին Եոաթ Ալոք (2,11 մեթր) առիթ չէր տուած Սիմզին (2,08 մեթր), որ շաբաթ օրուան նման ազատ ռիպաունտի ելլէ:
Մէկ խօսքով` հասակի տարբերութիւնը զգալի էր, ուր Թայլըր (2,01 մեթր) եւ Նոլի (2,01) ՀՄԸՄ-ի ամէնէն բարձրահասակ մարզիկներն էին:
Ճորտըն Սթիվընզ 27 կէտ, 11 էսիսթ եւ 4 սթիլ կատարեց, մինչ Կապրիէլ Աճէմեան (17 կէտ), Լանտըրզ Նոլի (12 կէտ), Պասել Հարֆուշ (12 կէտ), Փիթըր Տեքերմենճեան (10 կէտ), Թայլըր Պէյ (9 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), Գէորգ Գէորգ (8 կէտ եւ 3 սթիլ) եւ Ճէյսըն Սուֆան (1 կէտ) իրենց մասնակցութիւնը բերին: Վերջին մասին, երբ Գէորգ եւ Ճէյսըն դաշտ ներկայացան, անոնք պայքարեցան պարտադրելով Շանվիլի մարզիկներուն, որ թըրն օվըր կատարեն, մինչ եթէ աւելի կանուխ դաշտ ներկայանային, թերեւս կրնային աւելի օգնել խումբին:
Շանվիլ 60 ռիպաունտ ձեռք ձգեց այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի 32-ին դիմաց: ՀՄԸՄ 14 թըրն օվըր կատարեց Շանվիլի 24-ին դիմաց:
Պահ մը Շանվիլ 31 կէտի առաւելութիւն ալ ունէր, բայց ինչպէս նշեցինք, վերջին մասին Գէորգ-Ճէյսըն զոյգը, ինչպէս նաեւ Փիթըր լաւ պայքարեցան եւ 29-16 արդիւնքով առաւելութիւն ունեցան Շանվիլի վրայ (միայն վերջին մասին):
Մրցակից օտարներ Ճեվիըն Պլէյք (25 կէտ), Մաթ Մոպլի (25 կէտ) եւ Հենրի Սիմզ (23 կէտ եւ 29 ռիպաունտ) լաւ ելոյթ ունեցան, մինչ Քարիմ Իզզէտտին (18 կէտ) եւ Ռայան Զանպաքա (15 կէտ) իրենց կարգին հանգիստ ելոյթ ունեցան, որովհետեւ մեր տղաքը անոնց… հանգիստ ձգած էին:
Վաղը` երեքշաբթի ժամը 16:45-ին, ՀՄԸՄ 21-րդ հանգրուանին գծով պիտի մրցի Ռիատիի դաշտին վրայ:
Յոյսով, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը, որ այժմ 5-րդ դիրքը կը գրաւեն, կրնան պահել իրենց դիրքը` յաղթելով առնուազն վերջին մրցումին` Թատամոն Հարաժելի դէմ:
Նշենք, որ 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը իրար դէմ պիտի մրցին 3 ճակատումներու, որոնց 2 անգամ յաղթողը պիտի գրաւէ 4-րդ դիրքը` մասնակցելով ֆայնըլ 4-ին:
Նշենք նաեւ, որ Ռիատի իր վերջին մրցումին (շաբաթ օր) 110-72 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Բ. դիրքը գրաւող Պէյրութ Ֆըրսթը, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Շիյահի մէջ:
Թոն Մէյքըր 25 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ուաէլ Արաքժի 20 կէտ աւելցուց: Պահ մը Ռիատի 42 կէտի ալ հասցուց իր առաւելութիւնը:
Նշենք, որ այս մրցումին Մարին Մարիչ վիրաւորեց իր ոտքը, եւ անմիջապէս Ռիատի կապուեցաւ անցեալ տարուան իր աստղերէն Էլմետին Քիքանովիչին հետ, որ պիտի հասնի Լիբանան:


