«Եու.Էֆ.Սի.»-ի մարտիկ Արման Ծառուկեան ազատ ոճի բռնցքամարտի մասնակցած է Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «էյ-Տի.Էքս.Սի.10» մրցաշարքին:
Անոր մրցակիցն էր «Պելլաթոր» կազմակերպութեան նախկին ախոյեան Փաթրիք Ֆրէյրէ:
Մենամարտը վերջ գտաւ 5-րդ ռաունտին, Ծառուկեան խեղդելու հնարքով վերջ տուաւ մենամարտին, երբ մրցակիցը յանձնուեցաւ:
Նշենք, որ այս տարուան յունուարին, Ծառուկեան պէտք է մենամարտէր Իսլամ Մախաչեւի դէմ, «Եու.Էֆ.Սի.311»-ի տիտղոսի մենամարտին, սակայն մրցումէն օր մը առաջ ան վիրաւորուած էր եւ մրցակցութենէն դուրս մնացած:
Այդ ժամանակէն ի վեր Մախաչեւ մրցակից չէ ունեցած իր տիտղոսին համար: