Այսօր ժամը 18:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը վճռական մրցում մը պիտի ունենայ Աթլեթիքոյի դէմ, Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
1 կէտ կը բաժնէ խումբերը իրարմէ, Աթլեթիքօ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ 9 կէտ ձեռք ձգած է 4 մրցումներուն ընթացքին եւ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
Աթլեթիքօ 20 կոլեր նշանակած է 4 մրցումներու ընթացքին` ստանալով 9 կոլեր: Խումբը մեծ մասամբ կազմուած է 17-18 տարեկան երիտասարդներէ, որոնց հետ է ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներէն Յակոբ Տօնապետեան, որ 44 տարեկանին տակաւին իր փորձառութեամբ կ՛օգնէ իր խմբակիցներուն:
Պէտք է ընդունիլ, որ ՀՄԸՄ-ի ֆութսալի նախկին մարզիկ Սեւակ Օհանեանի մարզած խումբը շատ գեղեցիկ ֆութպոլ կը ցուցադրէ եւ ՀՄԸՄ-ի նման կը փորձէ բարձրանալ Գ. դասակարգ:
ՀՄԸՄ, որ անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր իր 2-րդ շաբթուան մրցումին Նուժումի դէմ, ինքզինք գտած է եւ շատ կազմակերպուած ֆութպոլ կը ցուցաբերէ, բայց քիչ մը անբախտ է մրցակիցի բերդին առջեւ:
Յոյսով, որ մեր տղաքը առիթները օգտագործեն եւ կարեւոր 3 կէտերով վերադառնալով շարունակեն իրենց պայքարը` բարձրանալով Գ. դասակարգ, որ այս տարուան առաջնակարգ նպատակն է:
Ստորեւ` 5-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Ժամը 16:00-ին, Պէյրութ Ֆ. Ք. – Անդրանիկ (Մապարրայի դաշտ)
Ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ – Աթլեթիքօ (Անսարի դաշտ)
ՎԱՂԸ
Ժամը 12:00-ին, Տինամօ Պէյրութ – Արզ (Մապարրայի դաշտ)
Ժամը 14:00-ին, Սապիլ – Սանհարիպ (Մապարրայի դաշտ)
Ժամը 18:00-ին, Նօ Լիմիթց – Նուժում (Անսարի դաշտ)