Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Ինտիանա Փէյսըրզ 125-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը եւ դարձաւ Արեւելեան շրջանի ախոյեան` իր պատմութեան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով:
2000 թուականին Ինտիանա Փէյսըրզ 4-2 ճակատումներու հաշուով կրցած էր պարտութեան մատնել Նիւ Եորք Նիքսը, եւ 25 տարի ետք ալ զուգադիպութեամբ արդիւնքը եւ մրցակիցը կրկնուեցան:
2000 թուականին Ռեճի Միլըր եւ ընկերներ աւարտական հասած էին եւ պարտուած Շաքիլ Օ՛նիլի Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն` 4-2 ճակատումներու արդիւնքով:
Այս անգամ Ինտիանայի մրցակիցը Օքլահոմա Սիթի Թանտըրն է: Նախապէս Սիեթըլ Սուփըրսոնիքս անունով, Օքլահոմա 1979-ին դարձած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան` 4-3 ճակատումներու արդիւնքով յաղթելով Ուաշինկթըն Պուլեթցի:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումին, Փասքալ Սիաքամ, որ միշտ ալ լաւ ելոյթ կ՛ունենար փլէյ օֆին, 31 կէտ նշանակեց: Թայրիս Հալիպըրթըն 21 կէտ եւ 13 էսիսթ կատարեց, մինչ Օպի Թոփին (18 կէտ), Էնտրու Նեմպհարտ (14 կէտ), Թոմաս Պրայընթ (11 կէտ), Մայլզ Թըրնըր (11 կէտ) եւ Արոն Նեսմիթ (10 կէտ) 10-է աւելի կէտեր աւելցուցին ի նպաստ Փէյսըրզի:
Նիւ Եորքի թիւ 1 աստղ Ճէյլըն Պրանսըն միայն 19 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Օ. Ճի. Անունոպիի (24 կէտ) եւ Քարլ-Անթոնի Թաունզի (22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) լաւ ելոյթները բաւարար չէին Նիւ Եորքի համար: