Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աղջկանց արագ ճատրակի 2025-ի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 39 մարզիկներու:
Աղջկանց ճատրակի կոմիտէն կազմուեցաւ վերջերս, նախագահութեամբ Ժինան Խաթիպի եւ մասնակցութեամբ քարտուղար Տանիէլ Պետրոսեանի (Լիբանանի նախկին ախոյեան), ինչպէս նաեւ նախկին ախոյեան քոյրեր Սիւզան եւ Քնարիկ Մուրատեաններու (ՀՄԸՄ Անթիլիաս) եւ Սարահ Շամիէի: Իրաւարարներու խմբակին մաս կը կազմէր նաեւ ՀՄԸՄ-ական Էլի Հուլիշեան:
ՀՄԸՄ-ական 6 մարզիկներ մասնակցեցան այս մրցաշարքին, Լիմ Քենտիրճեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ), Սօսէ-Մարօ Հաճեան (ՀՄԸՄ Այնճար), Սէրլի Շերպեթճեան (ՀՄԸՄ Այնճար), Վիքի Հաւաթեան (ՀՄԸՄ Այնճար), Վանայ Կարապետեան (ՀՄԸՄ Անթիլիաս) եւ Սեւանայ Կարապետեան (ՀՄԸՄ Անթիլիաս):
Սեւանայ Կարապետեան 3 կէտեր հաւաքեց` գրաւելով 29-րդ դիրքը եւ դառնալով ՀՄԸՄ-ի լաւագոյն ներկայացուցիչը, մրցաշարքի մը, ուր ՖԻՏԷ-ի մօտ 19 դասուած փորձառու մարզիկներ կային, բան մը, որ վստահաբար փորձառութիւն մըն է մեր մարզիկներուն համար:
Առաջին դիրքը գրաւեց թիւ 3 դասուած Սքայ Աթիէ` 7 կէտեր հաւաքելով (կարելի 7-էն), մինչ Նատիա Ֆաուազ (թիւ 1 դասուած) գրաւեց 2-րդ դիրքը` 6 կէտերով: Ռեմի Ասմար, որ միջազգային դասուած մարզիկ է (թիւ 2), գրաւեց 3-րդ դիրքը` 5,5 կէտով: