Վաղը գիշեր, ժամը 22:00-ին, Միւնիխի «Ալիանց Արենա»-ին վրայ, Գերմանիա պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալը, Եւրոպայի Ազգերու լիկայի կիսաւարտականի առաջին մրցումին:
Գերմանիոյ մարզիչ Եուլիան Նակըլզման առաջին անգամ ըլլալով կ՛առաջնորդէ Գերմանիոյ ազգային խումբը դէպի կիսաւարտական, ուր մրցակիցը ունի «երիտասարդ» Քրիսթիան Ռոնալտոն:
Քառորդ աւարտականին դուրս մնալէ ետք Եուրօ 2024-էն, Նակըլզման իր 8 մրցումներուն 5 յաղթանակներ եւ 3 հաւասարութիւններ ձեռք ձգած է Ազգերու լիկայի մրցումներուն մինչեւ կիսաւարտական: «Նպատակը տիտղոսն է», ըսաւ ան: Բայց Գերմանիա ասիկա պիտի փորձէ ընել առանց Ժամալ Մուսխալայի, Անթոնիօ Ռուտիկըրի, Նիքօ Շլոթերպաքի եւ Անկելօ Սթիլըրի, որոնք վիրաւոր են:
Թիմ Քլայնտինսթ, որ Իտալիոյ դէմ (քառորդ աւարտականին) երթուդարձի մրցումներուն կոլեր նշանակած էր, իր կարգին վիրաւոր է: Պարագան նոյնն է Մայնցի խմբակիցներ Եոնաթան Պուրքարտի եւ Նատիմ Ամիրիի, որոնք անցեալ շաբաթ քաշուեցան ազգային խումբէն` վիրաւորուելով: Շաբաթ օր ալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին Ինթեր Միլանի յետսապահ Եան Օրել Պիսեք իր կարգին վիրաւորուեցաւ:
Լաւ լուր կայ, որ Պարսելոնայի բերդապահ Մարք-Անտրէ Թեր Շթեկըն վերադարձած է իբրեւ հիմնական բերդապահ, մինչ Եոշուա Քիմիչ իր 100-րդ մրցումը պիտի կատարէ ազգային խումբին հետ: Բոլորին ուշադրութիւնը պիտի ուղղուի Պայեր Լեւերքուզընի մարզիկ Ֆլորիան Վիրցի վրայ, որ պիտի փորձէ Մուսխալայի բացակայութիւնն ալ մոռցնել: Նոր դէմքեր հրաւիրուած են ազգային խումբ, ուր յառաջապահ Նիք Վոլթըմատէ եւ Թոմ Պիշոֆ (Պայերնի նոր մարզիկ) պիտի գրաւեն բոլորին ուշադրութիւնը:
Փորթուգալ իր կարգին լաւ վիճակի մէջ է Եուրոյէն ետք յաղթելով 4 եւ հաւասարելով 2 մրցումներու` Ազգերու լիկայի մրցաշարքին, երթին 1-0 պարտութիւնը` Դանիոյ դէմ 5-2 յաղթանակի վերածելով դարձին, հասնելով կիսաւարտական:
40 տարեկանին Ռոնալտօ տակաւին կը ղեկավարէ ազգային խումբը: Ժոաօ Փալինիա Փորթուգալի միակ «գերմանացին» է, որ շատ լաւ գիտէ մրցակիցները, բայց հաւանաբար հիմնական կազմէն նկատի չառնուի, մանաւանդ որ Պայերն Միւնիխի հետ շատ մրցում չկատարեց վերջերս:
Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ նոյն դաշտին վրայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր դարձած Ժոաօ Նեւեշ, Նունօ Մենտեշ եւ Վեթինիա պատրաստ են կրկին` փայլելու` անակնկալի բերելով Գերմանիան:
Ռոնալտօ 5 անգամ մրցած է Գերմանիոյ ազգային խումբին դէմ կարեւոր մրցաշարքերու եւ միշտ ալ պարտութեամբ աւարտած` նշանակելով 1 կոլ միայն, այդ ալ Եուրօ 2024-ին (4-2):
2006-էն ի վեր 5 յաղթանակ արձանագրած է Գերմանիա Փորթուգալի դէմ, սակայն Ազգերու լիկային գծով Գերմանիոյ առաջին տարին է կիսաւարտական հասնիլը, մինչ Փորթուգալ 2019-ին շահած էր Ազգերու լիկան:
Օր մը ետք` երկրորդ կիսաւարտականին, Շթութկարթի մէջ Սպանիա պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսան: