Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութեան Գծով. Դոկտ. Պայրագտարեանի Հաղորդագրութիւնը

June 2, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ուրբաթ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը վերաբերէր Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններու երկու ժողովներուն: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ.

«Վերջին շաբաթներուն զուսպ մնացինք` որեւէ յայտարարութիւն կամ հաղորդագրութիւն չհրապարակելու Ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններուն գծով: Վերջինս 3 շաբաթէ ի վեր կ՛աշխատէր ոչ շատ օրինաւոր ձեւով, բոլորին ծանօթ պատճառներով:

Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին եւ որոշ բարեկամներու առաջարկով կը փորձէինք մնալ չէզոք` երկու կողմերը մօտեցնելու գծով, անոնց մղելով մտադրութիւնները մաքրել եւ միասնաբար վերանորոգել մարզական կեանքի սխալները` պահելով ու պահպանելով լիբանանեան մարզական կեանքը, ինչպէս նաեւ սիրելի Լիբանանի անունը բարձր պահելով միջազգային մարզական աշխարհին մէջ:

Բայց ինչ որ վերջերս նկատեցինք օրէնքները խախտելու գծով, ինչպէս նաեւ դիտմամբ իրականութիւնը ոտնակոխ ընելով նոյնիսկ կառավարութեան դէմ անտարբեր ընթացքով, անտեսելով անոր որոշումները եւ մամլոյ կարգ մը աղբիւրներ օգտագործելով, այս բոլորը մեզ մղեցին, որ լիբանանեան հասարակութեան ճշմարտութիւնը ցոյց տանք եւ հարցերը օրինաւոր ձեւով լուսաբանենք:

Բոլորը արդէն տեղեակ են, որ այս անհամաձայնութիւնը սկսաւ, երբ ընտրուեցան երկու ողիմպիական կոմիտէներ, առաջինը` 14 մայիսին, իսկ երկրորդը` 16 մայիսին, եւ երկու նիստերն ալ արձանագրուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան մօտ: Երկու արձանագրութիւններն ալ ղրկուեցան ուսումնասիրութեան` մասնագիտական մարմինին մօտ:

Ուսումնասիրութենէն ետք ի յայտ եկաւ, թէ 14 մայիսի ժողովը օրինաւոոր էր ըստ 4481/2016 պաշտօնական օրէնքին, մինչ 16 մայիսի ժողովը ապօրինի էր, մանաւանդ ոչ օրինաւոր ձեւով նիստի հրաւէր ղրկելու իմաստով, ինչ որ կը խաչաձեւէր մարզական ակադեմական միջազգային հարցերու օրէնքին, ինչպէս նաեւ նոյնինքն Ողիմպիական կոմիտէի օրէնքներուն: Միւս կողմէ, 16 մայիսին ժողովի օրինաթիւի ապահովում ալ չկար, որ քուէարկած էին կարգ մը ֆետերասիոններ, որոնք նախապէս վաւերացուած չէին նախարարութեան կողմէ` 4481/2016 օրէնքին հակասելով:

Հակառակ այս բոլորին, համբերեցինք վաւերացնելու օրինաւոր ժողովին արդիւնքները (14 մայիսի ժողով), յոյսով, որ առանց դատական ատեանի դիմելու կամ պաշտօնական բողոքներու երկու կողմերը կը մերձենան իրար: 14 մայիսին ընտրուած կոմիտէի անդամները միշտ ալ պատրաստ էին եւ դրական կը մտածէին բոլոր ճիգերուն եւ առաջարկներուն մասին, եւ մինչեւ իսկ պատրաստ էին տեղի տալ կարգ մը կէտերու մէջ, պարզապէս մօտիկութիւն ցոյց տալու նպատակով եւ մարզական շահերը նկատի առնեով, մինչ դժբախտաբար 16 մայիսին ընտրուած կոմիտէի կարգ մը անդամները նոյնքան դրական չէին` յայտնելով, որ իրենք կառավարութեան օրէնքներուն նկատմամբ անտարբեր են:

Այս բոլոր օրինական եւ իրաւական հարցերը ներկայացնելէ ետք, պէտք կը զգանք մեր պատասխանատուութիւնը յարգելու եւ վաւերագիրը յանձնելու Ողիմպիական կոմիտէին, որ ընտրուած էր 14 մայիսին, որպէսզի այս վերջինս սկսի իր աշխատանքին:

Նախարարութիւնը անշուշտ պիտի շարունակէ իր ճիգերը` մարզական ընտանիքները միացնելու գերիշխանութեան եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ, Ողիմպիական օրէնքները յարգելով»:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Շանվիլ` 96-112

Յաջորդը

Քելլոկ. «Քրեմլին Ոչ Միայն Ուքրանիոյ, Այլ Նաեւ Մոլտովայի Եւ Վրաստանի Մասին Կը Խօսի»

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.