Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Նիքս Յաղթեց 5-րդ Ճակատումը

May 31, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտ Նիւ Եորք Նիքս իր դաշտը գտնուող 19.812 համակիրները ուրախ պահեց, երբ մրցումի ազդանշանէն մինչեւ աւարտ առիթ չտուաւ Ինտիանա Փէյսըրզին, որ շնչէ:

Արդարեւ, Նիքս, որ անպայման յաղթանակի համար կը մրցէր, կրցաւ տիրապետել շնորհիւ Ճէյլըն Պրանսընի, որ «տաքցուց» համակիրները: Մետիսըն Սքուեր Կարտընի համակիրները անընդհատ կը գոռային` «Նիքս ին սեւըն» (Նիքս 7 մրցումներով պիտի յաղթէ): Կարելի բան մըն է, բայց Նիւ Եորք պէտք է լուրջ պասքեթպոլ ցուցաբերէ եւ կարենայ Ինտիանափոլիսի մէջ յաղթել:

Պրանսըն (32 կէտ) եւ Քարլ – Անթոնի Թաունզ (24 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) կրցան իրենց նախասիրած խաղը կիրարկել, հակառակ անոր որ Թաունզ ձախ ծունկի սուր ցաւերէ կը տառապէր: Այս մրցումը առաջին յաղթանակն էր Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ, ուր Նիքս պարտուած էր առաջին 2 ճակատումներուն:

Այդ մրցումներուն Ինտիանա վերջին վայրկեանին կրցած էր պարտութիւնը յաղթանակի վերածել, բան մը, որ չպատահեցաւ երէկ:

Վաղը առաւօտ Ինտիանափոլիսի մէջ Ինտիանա պիտի փորձէ աւարտել ճակատումներու շարքը` 4-րդ յաղթանակը կերտելով, մինչ Նիւ Եորք պիտի փորձէ անկարելին` շահելով 6-րդ ճակատումն ալ` պարտադրելով 7-րդ վճռական մրցում մը:

2 օր առաջ Նիքս առաջին մասին 43 կէտ ստացած էր Ինտիանայէն, բայց երէկ առաջին կիսախաղին 45 կէտի (2 մասի ընթացքին) կրցաւ նուազեցնել, լաւ ձեւով պաշտպանելով: Թայրիս Հալիպըրթըն, որ թրիփըլ տապըլ ձեռք ձգած էր (32 կէտ, 15 էսիսթ, 12 ռիպաունտ), 8 կէտ եւ 6 էսիսթ ձեռք ձգեց երէկ:

Պենետիք Մաթուրին 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Փէյսըրզի, որ 6 յաջորդական մրցումներ շահած էր (փլէյ օֆին) օտար դաշտի վրայ:

Նախորդը

Իտէալիզմի Եւ Մեկուսացման Միջեւ – Աւետիս Ահարոնեանի Վերջին Ուղերձը Ազգերու Լիկային` 1932 Թ.

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Պարսելոնայի Կրան Փրին` Վաղը

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Սփինիզ Պէյրութ Մարաթոն»-ը`  29 Նոյեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Սփինիզ Պէյրութ Մարաթոն»-ը` 29 Նոյեմբերին

October 20, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Դաւիթ Մգոյեան Յաղթական
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Դաւիթ Մգոյեան Յաղթական

October 20, 2026
Մարմնամարզութիւն.  4 Հայ Մարզիկներ Հասան Աշխարհի  Աւարտական Մրցաշարք
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. 4 Հայ Մարզիկներ Հասան Աշխարհի Աւարտական Մրցաշարք

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.