Այսօր ժամը 18:00-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ պիտի կատարէ ախոյեանութեան 20-րդ մրցումը` Շանվիլի դէմ:
ՀՄԸՄ 19 մրցումներուն 10-ն կրցած է յաղթել, մինչ Շանվիլ 7 յաղթանակ կրցած է արձանագրել:
Իր վերջին մրցումին, ՀՄԸՄ 107-84 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Անթունիէն, մինչ Շանվիլ 110-68 արդիւնքով պարտուած էր ախոյեան Ռիատիէն:
Շանվիլ 10 կէտի տարբերութեամբ կրցած էր յաղթել Անթունիէին (18-րդ հանգրուանին) եւ մեծ մասամբ կը վստահի Հենրի Սիմզ, Ճաւիոն Պլէյք, Մեթ Մոպլի, Քարիմ Իզզէտին եւ Ճիմի Սալեմ հնգեակին:
Թուղթի վրայ Շանվիլ լաւ խումբ է, բայց դաշտի վրայ իր վրայ դրուած յոյսերը չ՛իրականացներ, բան մը, որ անշուշտ մեզի համար աւելի լաւ է: ՀՄԸՄ իր կարգին լաւ ելոյթներու շարքէ մը ետք ծանր պարտութիւն կրած էր Անթունիէն: Այս մրցումը վճռական կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ երկու խումբերն ալ կը մրցին 4-րդ դիրքին համար:
4 յաջորդական յաղթանակներ արձանագրելէ ետք ՀՄԸՄ Պէյրութի դէմ պարտութիւն կրած էր, ապա Սաժեսին դէմ ալ: Սանթրալին եւ Հուփսին յաղթելէ ետք, Անթունիէի պարտութիւնը անսպասելի է:
Յոյսով, որ Հայաստանի ազգային խումբ հրաւիրուած Կապրիէլ Աճէմեան եւ Կերի Չիւիչեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այսօր, հակառակ անոր որ Կերի Անթունիէի դէմ մրցումին ցաւ զգալով չէր շարունակած մրցումը:
Մեր դաշտին վրայ մեր համակիրներուն քաջալերանքով, մեր մարզիկները պէտք է տան իրենց առաւելագոյնը` տարեշրջանի կարեւորագոյն մրցումին: Գէորգ, Փիթըր, Ճէյսըն, Պասել, օտարներ Ճորտընի, Թայլըրի եւ Լենտըրզի հետ իրենց լաւագոյնը տալով անպայման յաղթանակի կը հասնինք, անշուշտ 6-րդ մարզիկի` համակիրներուն քաջալերանքով միասին:


