Մարզական

Օզպիլիս Հրաժարեցաւ Թրքական Խումբ Տեղափոխուիլ

Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս հրաժարեցաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Թուրքիոյ մէջ: Մէջբերումներ կատարելով ռուսական մամուլէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Օզպիլիսի ակումբը ուզած է այդ փոխանցումը կատարել, սակայն հայազգի ֆութպոլիստը կտրուկ կերպով մերժած է այդ մէկը` նշելով, որ երբեք չ՛ուզեր այդպիսի առաջարկի մը համաձայն գտնուելով մեկնիլ Թուրքիա: Նշենք, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած...

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ. Միքայի Առաջին Յաղթանակը

Գանձասար Կապան - Փիւնիկ մրցումէն Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Ալաշկերտ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Արարատի, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ: Միքա արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով յաղթելով Ուլիսի: Մնացեալ երկու ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ. Շիրակ` Բանանցի հետ (1-1), իսկ Գանձասար Կապան` Փիւնիկի հետ (1-1): Ստորեւ` դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Ալաշկերտ 11 (10-4)...

Թենիս. Շարափովա Բացակայ` «Եու. Էս. Օփըն»-էն

Աղջկանց աշխարհի թենիսի ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը գրաւող Մարիա Շարափովա առողջական պատճառներով բացակայ պիտի ըլլայ «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքէն, կը յայտնէ «Պի. Պի. Սի.»-ն: Վերոնշեալ աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ ռուս թենիսվումընը, որ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքէն ետք մրցում չէր կատարած, պիտի փոխարինուի Տարիա Քասաթքինայի կողմէ:    

Նէյմար Պիտի Դառնայ Պարսելոնայի Երկրորդ Ամէնէն Աւելի Վարձատրուող Ֆութպոլիստը

Sport.es կայքին համաձայն, Պարսելոնայի պատասխանատուները կը մտադրեն բարելաւել պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի պայմանագրութեան մէջ նշուած նիւթական պայմանները: Երբ Նէյմար Սանթոսէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, անոր պայմանագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 2,5 տարի անցնելէ ետք անոր աշխատավարձը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, անոր ունեցած ներկայացումները նկատի առնելէ ետք անշուշտ: Կը կարծուի, որ քաթալոնական ակումբը խումբին մէջ Նէյմարը պիտի դարձնէ երկրորդ ամէնէն աւելի վարձատրուող ֆութպոլիստը` արժանթինցի Լիոնել Մեսսիէն...

Քոման 2 Տարիով Եուվենթուսէն Փոխ Տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխի

Պայէրն Միւնիխի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Եուվենթուսէն 2 տարուան համար փոխ առաւ ֆրանսացի միջնապահ Քինքսլի Քոմանը: 19 տարեկան Քոման Գերմանիոյ ախոյեանին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 29 մարզաշապիկով: Շատ հաւանաբար Պայէրն յառաջիկային գնէ Քոմանը:

Քեւին Տը Պրույնէ Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիի

Ամառնային փոխանցումներուն ամէնէն աւելի սպասուած փոխանցումը ի վերջոյ տեղի ունեցաւ, երբ Վոլֆսպուրկի յառաջապահ Քեւին տը Պրույնէ վերադարձաւ Անգլիա եւ միացաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Մանչեսթըր Սիթիի: Պելճիքացի ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստը նախապէս Անգլիոյ մէջ մաս կազմած է Չելսիի, ուրկէ 2014-ին մեկնած է Վոլֆսպուրկ: 24 տարեկան պելճիքացին Սիթիի հետ ստորագրեց 6 տարուան պայմանագրութիւն մը: Ըստ «Սքայ Սփորթց»-ի, անոր փոխանցման համար Սիթի գերմանական...

Տանթէ Տեղափոխուեցաւ Վոլֆսպուրկ

Պայէրն Միւնիխի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Տանթէ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Վոլֆսպուրկի հետ: Ոչ պաշտօնական տուեալներով, 31 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2012-ին միացաւ Պայէրնի, 3 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ` փոխան 4 միլիոն եւրոյի:

Խաւիէ Հեռնանտեզ Միացաւ Պայէր Լեւերքուզընի

Մանչեսթըր Եունայթըտի մեքսիքացի յառաջապահ Խաւիէ Հեռնանտեզ իր կազմը լքելով երէկ միացաւ Պայէր Լեւերքուզընի: 27 տարեկան Հեռնանտեզ, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց գերմանական ակումբին հետ, Մանչեսթըրին միացած էր 2010-ին եւ անոր հետ 103 մրցումի ընթացքին նշանակած 37 կոլ:

Փինկ Փոնկ.  Լիբանանի Տղոց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն

Փինկ Փոնկ. Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ Եւ Փաթրիսիա Հոմսի` Լիբանանի Տարիքային Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային` 21 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնը: Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ (Պարաղեմ Նապաթիէ), որ աւարտականին յաղթեց Հապիպ Անթունի (Մոն լա Սալ)` 3-0 արդիւնքով: Աղջկանց տիտղոսին տիրացողը եղաւ Փաթրիսիա Հոմսի (Ժամհուր), որ աւարտականին յաղթեց Միշլին Հաննայի (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա): Երրորդ դիրքը...

Նիքիթա Սիմոնեան. «Մխիթարեանին Մրցումին Մասնակցիլը Արգիլելը, Օրէնքի Կոպիտ Խախտում Պիտի Ըլլայ»

Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնակատար Նիքիթա Սիմոնեան իր կարծիքը տուաւ Կապալա - Պորուսիա Տորթմունտ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութեան հաւանական արգելքին շուրջ: «Եթէ մարզական օրէնքներով խօսինք, Ազրպէյճան պարտաւոր է Հենրիխ Մխիթարեանին թոյլ տալ գալ այդ երկիրը: Մխիթարեանի մրցումին մասնակցելուն գծով, եթէ թոյլ չտրուի ազրպէյճանական կողմէն, ապա, ֆութպոլիստը եւ անոր ակումբը պարտաւոր են դիմել...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կ՛ըսէ. «Մխիթարեանի Հետ Կապուած Իրավիճակին Մասին Կարելի Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք»

Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ, 28 օգոստոսին, Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինիի մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ճիաննի Ինֆանթինօ: Քննարկուած հարցերէն մէկն էր Պորուսիա Տորթմունտի կատարելիք մրցումը` ազրպէյճանական Կապալիի դէմ («Եուրոփա լիկ»): Այդ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ. «Տորթմունտին մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Յոյս ունինք, որ ֆութպոլիստը...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները.  Մանչեսթըր Եունայթըտ, Լիվըրփուլ Եւ Եուվենթուս Պարտուեցան. Մխիթարեան` Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Մանչեսթըր Եունայթըտ, Լիվըրփուլ Եւ Եուվենթուս Պարտուեցան. Մխիթարեան` Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ: Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Ա. Էս. Ռոմայէն, 2-1 արդիւնքով: Իտալիոյ ախոյեանը մրցումը աւարտեց 9 մարզիկով: Անգլիոյ մէջ, երկրին երկու անուանի խումբերը` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Լիվըրփուլ, պարտութիւն կրեցին, յաջորդաբար` Սուանզիէն (2-1) եւ Ուեսթ Համէն (3-0): Մանչեսթըր Սիթի, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ուաթֆորտին, յաջողեցաւ...

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մանուչարեան` Կոլի Հեղինակ

Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ուրալ, որ հիւրընկալեց Թերեք Կրոզնին, 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ: Ուրալի եւ մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան` 8-րդ վայրկեանին: Սակայն Մանուչարեան Ա. կիսախաղին աւարտէն առաջ վնասուածք ստանալով փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:  

Տենիս Թումասեան` Ուֆայի Նոր Խմբապետը

Ուֆայի մարզիչ Վիքթոր Լոսէեւ հաղորդեց, որ խումբին միջնապահ Ազամատ Զասէեւի փոխարէն նոր խմբապետ նշանակուեցաւ Տենիս Թումասեան: «Թումասեանի խմբապետ նշանակումին լուրը չէինք ուզեր փոխանցել, բայց հարկադրուեցանք այդ մէկը յայտարարել` նկատի ունենալով, որ ան իր շինիչ դերը պիտի ունենայ այս նոր պաշտօնին առնչութեամբ», ըսաւ Լոսէեւ:

Քիքպոքսինկ. Ճիորճիօ Պետրոսեան Յաղթեց Նաք-Աութով

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած խառն մարտարուեստի (քիքպոքսինկ) «Հիրօ Լիճընտ» մրցաշարքին յաղթական հռչակուեցաւ իտալահայ մարզիկ Ճիորճիօ Պետրոսեան, որ նաք-աութով յաղթեց Աուի Եանի (Չինաստան): 3-րդ ռաունտին Պետրոսեանի ուժգին հարուածը նաք-աութի ենթարկեց անոր մրցակիցը: «Կազեթթա Տելլօ Սփոր»-էն մէջբերում կատարելով` ArmSport.am յայտնեց, որ Իտալիա վերադառնալով Պետրոսեան իր այս յաղթանակը պիտի տօնախմբէ ֆութպոլիստ իր ընկերոջ` Մարիօ Պալոթելլիի հետ:  

Ճատրակ. Արոնեան Եւ Քարլսըն Հաւասարութեամբ Բաժնուեցան Իրարմէ

Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը` հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանի եւ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի միջեւ, 32-րդ շարժումին աւարտեցաւ հաւասարութեամբ: 6-րդ հանգրուանէն ետք այժմ անոնք երկուքն ալ ունին 4-ական կէտ:

Աթլեթիզմ. Ուսէյն Պոլթ` Աշխարհի 11-Ակի Ախոյեան

Ողիմպիական խաղերու 6-ակի ախոյեան, ժամայքացի արագ վազող Ուսէյն Պոլթ դարձաւ աշխարհի 11-ակի ախոյեան: Փեքինի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան ընթացքին ան յաղթեց 100, 200 եւ 4x100 մեթր վազքի մրցումներուն: Այսպիսով, ան դարձաւ առաջին մարզիկը, որ երեքական ոսկի մետալի կը տիրանայ աշխարհի ախոյեանութիւններուն (2009, 2013 եւ 2015):

«Եու. Էս. Օփըն». Աւարտականի Մրցումներու Տոմսերու Վաճառքին Մէջ Աննախադէպ Դէպք

Թենիսի կրան շլեմի տարուան վերջին մրցաշարքին` «Եու. Էս. Օփըն»-ի բաց ախոյեանութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աղջկանց աւարտական մրցումին տոմսերը աւելի շուտ ծախուեցան, քան տղոցը: Աղջկանց մրցաշարքի աւարտականին նկատմամբ նման հետաքրքրութեան պատճառը շատ հաւանաբար կապուած է ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզի հետ: Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Ուիլիըմզ, Նիւ Եորքի մէջ յաղթելու պարագային մէկ տարուան ընթացքին պիտի տիրանայ կրան շլեմի բոլոր...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2019-ի Նախագահի Ընտրութիւններ. Փլաթինի Նոր Ընտրաշրջանի Մը Համար Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Չառաջադրէ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գործող նախագահ Միշել Փլաթինի, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է, յայտնեց, որ իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ 2019-ի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահական ընտրութիւններուն, անշուշտ այն պարագային, երբ ՖԻՖԱ-ի նախագահ չընտրուի: «Կը կարծեմ, որ ատով պիտի սահմանափակուիմ: Ես համաձայն եմ այն կարծիքին, որ նախագահական աթոռին համար ժամանակը պէտք է ըլլայ սահմանափակ», ըսած է Փլաթինի:  

Page 1188 of 1275 1 … 1,187 1,188 1,189 … 1,275

Արխիւներ