Մարզական

ՀՅԴ-ի Մարմիններու Ներկայացուցիչներու  Ընդլայնուած Հանդիպում

ՀՅԴ-ի Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած Հանդիպում

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հրաւէրով 29 օգոստոսին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ընկերային հաւաք, որուն մասնակցած են կուսակցութեան տասնմէկ մարզային կոմիտէներու անդամներ, յիսուն կոմիտէներու  ներկայացուցիչներ, նաեւ ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ուղեկից կառոյցներու անդամներ` շուրջ 200 հոգի: Հաւաքին ներկայ էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ամբողջ կազմը, ՀՅԴ Բիւրոն ներկայացնող ընկերներ: Բազմամարդ ընկերային հաւաքի օրակարգին վրայ սահմանադրական...

Ճատրակ. Միջերկրականեան Ախոյեանութիւն.  Նանօր Առնելեան Արձանագրեց 2 Յաղթանակ

Ճատրակ. Միջերկրականեան Ախոյեանութիւն. Նանօր Առնելեան Արձանագրեց 2 Յաղթանակ

Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ տեղի ունեցող Միջերկրականեան ճատրակի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի աղջկանց 12 տարեկանէն վար ախոյեան Նանօր Առնելեան տպաւորիչ ձեւով սկսաւ իր մրցումներուն, երբ արձանագրեց յաջորդական երկու յաղթանակ: Ա. հանգրուանին Առնելեան, որ իր դէմ ունեցաւ լիբանանցի Մոհամետ Ֆարհաթը, յաղթանակ մը արձանագրեց, իսկ երկրորդին ան յաղթեց Խիրուհաքի Կերասիմոսին (Յունաստան): Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 3 սեպտեմբեր:

Յունահռոմէական Ոճի Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լեւոն Ջուլֆալակեան Հրապարակեց Հայաստանի Կազմը

Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունենալիք ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան համար, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան հրապարակեց մասնակցողներուն կազմը: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքը կը հաղորդէ, որ Ջուլֆալակեանի խումբին մէջ ընդգրկուած է նաեւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալին տիրացած Էտկար Խաչատրեան: Թէեւ Խաչատրեան կը կշռէ 108 քկ, բայց ան հանդէս պիտի գայ 130 քկ դասակարգի մրցումներուն: Խաչատրեանէն...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Ա. Էս. Ռոմա – Եուվենթուս Եւ Մոնաքօ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ, որոնք բնականաբար պիտի գրաւեն լուսարձակները: Իտալիոյ մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Ա. Էս. Ռոմա կը հիւրընկալէ Եուվենթուսը: Ֆրանսայի մէջ եւս, վաղը կը կատարուի բաւական հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը կ՛ըլլայ Մոնաքոյի: Գերմանիոյ մէջ Պայէրն Միւնիխ -...

«Եուրոփա Լիկ»-ի Վիճակաձգութիւն. Պորուսիա Տորթմունտ Մաս Կազմեց Գ. Խմբակին

Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան խմբակներու դրութեամբ: 48 խումբերը բաժնուած են 12 խմբակի, իւրաքանչիւրը` 4 խումբ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Պորուսիա Տորթմունտ, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ ՓԱՈՔ Սալոնիքան, Քրասնոտարը եւ Կապալան: Լիվըրփուլի (Բ. խմբակ) մրցակիցները պիտի ըլլան Ռուպին Քազան, Պորտօ եւ...

Ճատրակ. Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Կրիսչուքի Հետ

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, որոնք տեղի ունեցան երէկ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուքի հետ: Կրանտմասթըրները 30-րդ քայլէն ետք հաւասարութեամբ ուզեցին բաւականանալ: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Արոնեան այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 3,5 կէտ, կը յայտնէ ArmSport.am:  

Լուքաս Սիլվա Ռէալ Մատրիտէն Փոխ Տրուեցաւ Մարսէյի

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքաս Սիլվա մինչեւ 30 յունիս 2016 փոխ տրուեցաւ Օլիմփիք Մարսէյի, կը յայտնէ ֆրանսական ակումբին պաշտօնական կայքը: Յունուար 2015-ին Սիլվա իր ակումբը` Քրուզէյրոն լքելով 5,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ռէալ Մատրիտի հետ: 22 տարեկան պրազիլցին, որ արքայական կազմին հետ կատարեց 9 մրցում, ո՛չ կոլ նշանակեց եւ ո՛չ ալ կոլի փոխանցում կատարեց: ArmSport.am իր տուած այս լուրը կը շարունակէ...

Դաւիթ Արշակեան Հեթրիքի Հեղինակ` 18 Վայրկեանի Ընթացքին

Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թրակայ, որ մրցեցաւ Շաուլիայի դէմ, 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական խումբին այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, որ 18 վայրկեանի ընթացքին հեթրիք մը իրագործեց (13-րդ, 22-րդ եւ 31-րդ): Արշակեան, որ իր առաջին կոլը նշանակեց փենալթիով, 79-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Նշենք, որ իր իրագործած այս հեթրիքով...

Բերդապահ Սենիի 131-րդ Կոլը

Սան Փաուլոյի բերդապահ Ռոժերիօ Սենի Պրազիլի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-8-րդ հանգրուանի Սէարայի դէմ դարձի մրցումին (3-0) նշանակեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 131-րդ կոլը, կը յայտնէ «Օ Կլոպօ»: Փորձառու բերդապահը իր այդ կոլը նշանակեց 45-րդ վայրկեանին` փենալթիով: Սենի միջազգային ֆութպոլի պատմութեան մէջ կը հանդիսանայ ամէնէն արդիւնաւէտ բերդապահը: 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Խոսէ Լուիս Չիլավերթ, որ նշանակած է 62 կոլ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Մահացած Ճասթին Ուիլսըն Օգտակար Դարձաւ 6 Անձերու

«Ֆորմիւլա-1»-ի նախկին վարորդ Ճասթին Ուիլսըն վերջերս մահացաւ, երբ արկածի մը ենթարկուելով ծանր վնասուածք ստացաւ գլուխէն: Անտրեթէի կազմին հետ հանդէս եկող Ուիլսըն արկածէն ետք տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց, ուր սակայն մահացաւ, հակառակ անոր որ բժիշկները փորձեցին անոր կեանքը փրկել: «Եու. Էս. Էյ. Թուտէյ» եզրափակեց նշելով, որ Ճասթին իր մահէն ետք օգտակար դարձաւ մարդկութեան` նկատի ունենալով, որ անոր օրկանները տրամադրուեցան 6 անձերու:  

3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստան 15-րդ` Եւրոպայի Դասաւորման Մէջ

ՖԻՊԱ - Եւրոպան հրապարակեց 3x3 պասքեթպոլի 18 տարեկանէն վար նոր դասաւորումը: Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կայքը, նոր դասաւորման մէջ Հայաստան կը գրաւէ 15-րդ դիրքը: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արեգ Վաթեան:

«Եուրոփա Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Բացումը Կատարեց Տորթմունտի Նշանակած Եօթը Կոլերուն

Երէկ գիշեր, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի դարձի մրցումներուն գծով տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Պորուսիա Տորթմունտ, որ երթին 4-3 արդիւնքով յաղթած էր Օտտ Պալքլուպի, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, այս անգամ 7-2 արդիւնքով: Տորթմունտի այդ կոլերու փառատօնին բացումը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ 25-րդ վայրկեանին սքանչելի կոլով մը պարտութեան մատնեց մրցակիցին բերդապահը:

Նոր Անուններ` Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականին Մէջ

8 սեպտեմբերին, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Ռումանիա մրցումը, որ կ՛իյնայ Եւրոպայի 2017-ի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումին ծիրին մէջ: Նախապատրաստուելու համար այս մրցումին, Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը 31 օգոստոսէն 7 սեպտեմբեր պիտի կատարէ մարզական հաւաք: Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեան այդ մրցումին նախապատրաստուելու համար հրաւիրեց 23 ֆութպոլիստներ, որոնց...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանի 38-րդ Միջազգային Ռելիին Գծով

Երէկուան մամլոյ ասուլիսին PROFOTO Երէկ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կազմակերպիչ ակումբը տուաւ բոլոր մանրամասնութիւնները եւ կատարեց լուսաբանութիւններ` Լիբանանի 38-րդ միջազգային ռելիին գծով, որ տեղի պիտի ունենայ 3-6 սեպտեմբերին: Նշենք, որ այս ռելիին, որուն ընդհանուր երկարութիւնն է 815 քմ, կը մասնակցին 37 ինքնաշարժներ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, կը կարծուի, որ այս...

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Յաղթեց Ուեսլի Սոյին

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ Քափ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով ճակատեցաւ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ուեսլի Սոյի դէմ, յաղթանակ մը արձանագրեց: 28-րդ շարժումին Սօ յանձնուեցաւ, կը նշէ ArmSport.am: 4-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեան իր տրամադրութեան տակ ունի 3 կէտ: 5-րդ հանգրուանին Արոնեան ճերմակ քարերով պիտի մրցի Ալեքսանտր Կրիսչուքի (Ռուսիա) դէմ:...

Լիոնել Մեսսի` 2014-2015 Տարեշրջանի Եւրոպայի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Լիոնել Մեսսի կը ստանայ իր տիտղոսը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինիէն Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) երէկ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած վիճակաձգութենէն ետք, որոշուեցաւ 2014-2015 տարեշրջանի Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամ 54 երկիրները ներկայացնող 54 մարզական լրագրողներ: Նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին:...

Հայրենի Կռփամարտիկները Ապահովեցին Նուազագոյնը 6 Մետալ

Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող Քլիչքօ եղբայրներուն անուան միջազգային մրցաշարքին կը շարունակեն յաջող ելոյթներ ունենալ հայրենի կռփամարտիկները, որոնք արդէն իսկ ապահոված են նուազագոյնը 6 մետալ, կը յայտնէ ArmSport.am իր այս լուրը քաղելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն: Իրենց երկրորդ յաղթանակը արձանագրեցին Վահէ Պատալեան (52 քկ) եւ Հրայր Շահվերտեան (56 քկ): Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Ալեն Դանիէլեան (49 քկ), Սպարտակ Թամարեան (60 քկ)...

Պայէրն Միւնիխ Կը Պատրաստուի Զգալիօրէն Բարձրացնելու Միւլըրի Աշխատավարձը

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Պիլտ»-ը, Պայէրն Միւնիխ կը պատրաստուի նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկելու Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Թոմաս Միւլըրին: Այս քայլը կատարելով` Գերմանիոյ ախոյեանը վերջ պիտի դնէ Մանչեսթըր Եունայթըտի տարած աշխատանքին, որով ամէն գնով կ՛ուզէ ձեռք ձգել 25 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը: Միւլըրի այժմու պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ին: Սակայն միւնիխցիները կ՛ուզեն այդ պայմանագրութիւնը երկարաձգել` զգալիօրէն բարձրացնելով միջնապահին աշխատավարձը:

Գոռ Մալաքեան Հրաւիրուեցաւ Երիտասարդական Հաւաքական

Գոռ Մալաքեան 31 օգոստոսէն 8 սեպտեմբեր Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ: 8 սեպտեմբերին հայրենի կազմը մրցում մը ունի կատարելիք Ռումանոյ դէմ. սոյն մրցումը կ՛իյնայ Եուրօ-2017-ի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ակումբի միջնապահ Գոռ Մալաքեան եւս հրաւիրուած է երիտասարդական հաւաքական եւ պիտի մասնակցի այդ մրցումին: Այլ յայտարարութեամբ...

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Վիճակաձգութիւն. Պայէրն Միւնիխ Եւ Արսենալ` Նոյն Խմբակին Մէջ

Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ խմբակներու դրութեամբ եւ անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 32 խումբեր, բաժնուած` ութ խմբակի (իւրաքանչիւրը` 4 խումբ): Նոյն խմբակին մէջ իրարու դէմ յանդիման եկան Պայէրն Միւնիխ եւ Արսենալ: Ստորեւ` խմբակներուն պարզած պատկերը. Ա. ԽՄԲԱԿ.- Փարիզ Սեն Ժերմեն (Ֆրանսա), Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա), Շախտիոր Տոնեցք (Ուքրանիա) եւ Մալմօ...

Page 1189 of 1275 1 … 1,188 1,189 1,190 … 1,275

Արխիւներ