Մանչեսթըր Եունայթըտի մեքսիքացի յառաջապահ Խաւիէ Հեռնանտեզ իր կազմը լքելով երէկ միացաւ Պայէր Լեւերքուզընի:
27 տարեկան Հեռնանտեզ, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց գերմանական ակումբին հետ, Մանչեսթըրին միացած էր 2010-ին եւ անոր հետ 103 մրցումի ընթացքին նշանակած 37 կոլ: