Ողիմպիական խաղերու 6-ակի ախոյեան, ժամայքացի արագ վազող Ուսէյն Պոլթ դարձաւ աշխարհի 11-ակի ախոյեան:
Փեքինի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան ընթացքին ան յաղթեց 100, 200 եւ 4×100 մեթր վազքի մրցումներուն:
Այսպիսով, ան դարձաւ առաջին մարզիկը, որ երեքական ոսկի մետալի կը տիրանայ աշխարհի ախոյեանութիւններուն (2009, 2013 եւ 2015):