Թենիսի կրան շլեմի տարուան վերջին մրցաշարքին` «Եու. Էս. Օփըն»-ի բաց ախոյեանութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աղջկանց աւարտական մրցումին տոմսերը աւելի շուտ ծախուեցան, քան տղոցը:
Աղջկանց մրցաշարքի աւարտականին նկատմամբ նման հետաքրքրութեան պատճառը շատ հաւանաբար կապուած է ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզի հետ:
Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Ուիլիըմզ, Նիւ Եորքի մէջ յաղթելու պարագային մէկ տարուան ընթացքին պիտի տիրանայ կրան շլեմի բոլոր 4 տիտղոսներուն:
Նշենք, որ «Եու. Էս. Օփըն»-ը կը սկսի 31 օգոստոսին: