
Sport.es կայքին համաձայն, Պարսելոնայի պատասխանատուները կը մտադրեն բարելաւել պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի պայմանագրութեան մէջ նշուած նիւթական պայմանները:
Երբ Նէյմար Սանթոսէն տեղափոխուեցաւ Պարսելոնա, անոր պայմանագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 2,5 տարի անցնելէ ետք անոր աշխատավարձը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, անոր ունեցած ներկայացումները նկատի առնելէ ետք անշուշտ:
Կը կարծուի, որ քաթալոնական ակումբը խումբին մէջ Նէյմարը պիտի դարձնէ երկրորդ ամէնէն աւելի վարձատրուող ֆութպոլիստը` արժանթինցի Լիոնել Մեսսիէն ետք:
Նշենք, որ ներկայիս Նէյմարի աշխատավարձը կը կազմէ 8,8 միլիոն եւրօ:


