Ամառնային փոխանցումներուն ամէնէն աւելի սպասուած փոխանցումը ի վերջոյ տեղի ունեցաւ, երբ Վոլֆսպուրկի յառաջապահ Քեւին տը Պրույնէ վերադարձաւ Անգլիա եւ միացաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Մանչեսթըր Սիթիի:
Պելճիքացի ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստը նախապէս Անգլիոյ մէջ մաս կազմած է Չելսիի, ուրկէ 2014-ին մեկնած է Վոլֆսպուրկ:
24 տարեկան պելճիքացին Սիթիի հետ ստորագրեց 6 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ըստ «Սքայ Սփորթց»-ի, անոր փոխանցման համար Սիթի գերմանական ակումբին վճարեց 58-2 միլիոն սթերլինկ: Եթէ ատիկա այդպէս է, ան այսպիսով կը հանդիսանայ Սիթիի պատմութեան ամէնէն արժէքաւոր ֆութպոլիստը: