Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ, 28 օգոստոսին, Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Միշել Փլաթինիի մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ճիաննի Ինֆանթինօ:
Քննարկուած հարցերէն մէկն էր Պորուսիա Տորթմունտի կատարելիք մրցումը` ազրպէյճանական Կապալիի դէմ («Եուրոփա լիկ»):
Այդ յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ. «Տորթմունտին մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Յոյս ունինք, որ ֆութպոլիստը իրաւունք կը ստանայ մասնակցելու մեր մրցաշարքերուն` անկախ քաղաքացիութենէն եւ ելքի իրաւունք կամ անցագիրի թոյլտուութիւն ստանալէն: Կարելի ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի ամէն ինչ հեզասահ ընթանայ»:
Նշենք, որ Կապալա – Պորուսիա Տորթմունտ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 22 հոկտեմբերին` Պաքուի մէջ: