PROFOTO
Հինգշաբթի, 3 սեպտեմբերին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի 38-րդ միջազգային ռելիին, որուն 13 հանգրուանները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին (այսօր եւ վաղը):
Նշենք, որ երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ ցուցադրական մրցում մը` մասնակցութեամբ ռելիին մասնակցող բոլոր վարորդներուն, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն): Վարորդները այդ վազքուղիին շուրջ դարձան 2 լեփ (2 քիլոմեթր եւ 560 մեթր):
Հոս տեղին է նշել, որ «Ար. Փի. Էմ.»-ը կը գործէ երեք տարիէ ի վեր, անիկա ունի սքանչելի տեսք մը եւ հոն տեղի կ՛ունենան տարբեր տեսակի մրցաշարքեր:
Լիբանանի այս ռելիին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կը մասնակցին 33 ինքնաշարժներ: