Իր լուրը քաղելով championat.com կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան ձմրան ընթացքին տեղափոխուի Անգլիա եւ մաս կազմէ տեղւոյն կազմերէն մէկուն:
Անոր փոխանցման մասին թէեւ յաւելեալ ոչինչ կը յայտարարուի, սակայն ցարդ անորոշ է, թէ անոր ակումբը պիտի ուզէ՞ այդ փոխանցումին համաձայն գտնուիլ:
Նշենք, որ ռուսական ակումբին հետ 28 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ի ամրան:
Transfermarked.de կայքին համաձայն, Մովսիսեանի փոխանցումը կը գնահատուի 9 միլիոն եւրոյով: