1-3 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի մրցաշարքին մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը, որոնք կ՛ապահովեն Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի իրենց տոմսերը, սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 2016-ին, Ուզպեքիստանի մէջ:
Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը այս մրցաշարքին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը եւ Յորդանանը:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի (ընդամէնը` երեք խմբակ) առաջին երկու դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն Ուզպեքիստանի իրենց տոմսերը: